Ծերենց

Թէոդորոս Ռշտունի


Скачать книгу

քեռուոյդ պատասխան տուր եւ հասկցու իրեն թէ ոչ թուլամորթ, ոչ հոյլ եւ ոչ դանդաղ ես:

      – Իմ փափագս ալ այն է, որ ինձ իմացնէ Գրիգոր թէ ինք ըսածներուս բոլորովին հակառակ ժիր, գործունեայ, եռանդուն է, եւ գիտէ ժամանակին առնուլ իւր զէնքերը, ազգի, կրօնքի եւ հայրենի իրաւանց վրայ պատերազմիլ:

      – Եթէ դոքա վտանգի մէջ են ո՜ր մարդ կրնայ առանց վատութեան դրոշմր ճակտին կրելու փախուստ տալ այդ պարտաւորութենեն, – ըսաւ Գրիգոր ծանրութեամբ, եւ առաջ անցնելով առաւ իւր գիրկը Արփենին, որ իւր փափկաթոյր թեւերը եղբօր վզին փաթաթելով, ուրախութեան համբոյրներով եւ տարիքին յարմար խօսքերով կը պատասխանէր այս գրկախառնութեան:

      Իսկ Բիւրեղ անգամ մը այդ տեսարանին լռելեայն աչք ձգելեն վերջ` լռելեայն դուրս ելաւ, որպէսզի ոչ եղբայր եւ ոչ զաւկները տեսնեն իւր արտասուքը:

      Կաթիլ մը արտասուք շատ անգամ այնչափ գաղտնիք կը պարունակէ, որ յանձնապաստան եւ յիմար մարդ մը ոչ կը զգայ եւ ոչ կրնայ իմանալ, իսկ խոհուն մարդուն համար մտածութեան նիւթ մ՚է: Այդ կինը` երիտասարդ, գեղեցիկ, քաղցր, զգայուն, որ իր եղբօ՞ր հետ ոտն առ ոտն կը կռուէր եւ կուզեր հեռացնել ամէն վտանգ որդուոյն գլխեն, ոչ միայն պաշտպան, յոյս, ժառանգ անձին, զաւկներուն եւ երկրին կը տեսնէր այդ տղուն վրայ, այլ նաեւ իւր հօր կենդանի յիշատակն էր իր աչքին, անցեալ երջանիկ օրերու, որ չեն դառնար, երբ անգամ մը սրանան հեռանան, եւ մարդս իր երեւակայութեան մէջ անոնք կուզէ բերել, դարձնել, մեռածը կենդանացնել, այդ արտասուքը այդ փափագներուն վկաներն էին: Իսկ Սուրէն, որ սուր աչք ունէր բայց մէկ մասը միայն կը տեսնէր այդ արտասուաց, կրկնեց ինքնիրեն ինչ որ սովոր էր զրուցել իւր քրոջ համար. Ահա՛ կանանց ամենեն լաւը:

      Նոյն միջոցին Գրիգորի միւս քոյրն էլ Նազէնիկ եկաւ, եղբօրը հետ գրկուեցաւ. գրեթէ հասած աղջիկ մը գեղեցիկ, գողտր, դեղձան մազերով, նուաղեալ աչքերով քաղցր տխրութիւն մը երեսին վրայ տարածեալ: Հաճելի էր տեսնել պատանին, որ դեռ երիտասարդութեան չէր հատսած եւ հօր մը ժպիտով կը նայէր իւր քերց վրայ եւ կը գուրգուրար:

      Ընտանիքն ամէնքը միաբան իջան նախաճաշն ընելու, Սուրէն լուռ էր, վասնզի չէր ուզէր իւր քոյրը տխրեցնէի Գրիգոր երբեմն կը խոսէր, բայց Արփենին միշտ նիւթ կը գտնէր խօսելու եւ հարցնելու: Սեղանատունեն վար կ'երեւար գեղեցիկ փոքրիկ լիճը արծաթի սկաւառակի մը պէս, մակոյկ մը լճակը կապուած իբր թէ կը հրաւիրէր պտոյտ ընելու ծառազարդ եւ ծաղկազարդ ափանց վրայ. բայց ոչ ոք այդ մտածութիւնը չունէր. Սուրէն առաջինն ելաւ սեղանեն` նոյնպէս ամէնքը, եւ Արփենի ամենեն վերջ, միայն նա էր, որ չէր զգար թէ սպառնալից փոթորիկ կար օդին մէջ:

      Խեղճ մայր, գիտէր, որ զաւակն իրմէ պիտի բաժանուէր, եւ այս անգամ ինք չէր, որ կ'ուղարկէր, այլ ստիպող յարկը` մահահոտ պատերազմի շռինդն էր, որ իր գրկեն կը կորզէր իր միմիայն յոյսը: Ուստի կորագլուխ անձայն զոհի պէս տեսաւ նորա սպառազինիլը, այլեւս արտասուք չի կար աչքերը, վասնզի սիրտն էր, որ կուլար, եւ երբ սանդուխին դուռն որդուոյն ձեռքերն եւ երեսները համբուրեց եւ ինք աչքերը գոց երկայն գրկախառնութիւն մ՚ըրաւ, մէկը չէր կրնար որոշել աղօ՞թք էր թէ գրկախառնութիւն:

      Քսանի չափ հեծեալ սպառազէնք Գրիգորի կը սպասէին, երբ նա էլ հեծաւ եւ առանց գլուխը դարձնելու ելաւ բերդին դռնեն դուրս Սուրէնի ետեւեն.

      – Զաւէ՜ն, Զաւէ՜ն, – կանչեց ներդաշնակ ձայն մը վերեն:

      Մեզ ծանօթ անձնապահապետը դարձեալ մտաւ, եւ տեսնելով թէ Տիկինը չի խօսիր, իջաւ ձիեն,