Ռուբեն Սեւակ

Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր


Скачать книгу

որ լաւ մը գո՞ց է։

      – Գթա՛ ինծի, գթա՛ տարիքիս, բժի՛շկ , – ըսաւ… – բայց քանի որ մատդ վէրքի՛ն վրայ դրիր, լաւ է որ սիրտս բանամ, անգամ մը գոնէ կեանքս թունաւորող ցաւը դուրս թափեմ։ Ա՜խ, եթէ ժամանակին գիտցա՜ծ ըլլայի, խօսա՜ծ ըլլայի, թերեւս իմ ցաւիս ալ դարման մը գտնէին։ Բայց մեզի այս բաները չսորվեցուցին, բժի՛շկ։ Դպրոցները մեզի քառակուսի արմատներ սորվեցուցին. կեանքին արմատը՝ ամօ՛թն է ըսին։ Ու ես՝ քիչ֊շատ դիրքի տէր մարդ, նոր կարգուած մարդ, ես ինչպէ՞ս ըսէի որ ամօթալի ու սարսափելի բա՛ն մը կեանքիս արմատը կը կրծէր…։ Քանինե՛ր գիտեմ որ աներկի՜ւղ ու անպատի՜ժ կը մեղանչեն։ Ես միշտ ժուժկալ ապրեցայ. կնոջմէս զատ կին չճանչցայ…

      Կասկածո՜վ երեսը նայեցայ։

      – …Բացի մէկէն… մէ՛կ անգամ միայն…։ Ու գլուխը անգամ մըն ալ դուռին կողմը դարձուց, ու ձայնը աւելի ցածցնելով ըսաւ.

      – Այն ատեն մենք դեռ նոր ամուսնացեր ու մեղրալուսնի համար Վենետիկ գացեր էինք։ Օր մը, Մեծ֊Հրապարակին վրայ կեցեր՝ աղաւնիները կը դիտէի։ Վրայէս հասկցան որ օտարական մըն եմ. մէկը եկաւ որ ինծի Սուրբ Մարկոսին թուականները պատմէ. միւսը եկաւ որ Տոժերու պալատը պտտցնէ. ուրիշ մը եկաւ որ զիս ապակեզարդերու գործարանները տանիլ կ՚ուզէր։ Վերջապէս չորրորդ մը եկաւ որ սրտէ՛ս խօսեցաւ. «քեզի , – ըսաւ , – աշխարհիս ամէնէն գեղեցիկ բանը ցուցնեմ »։ Արդէն Վենետիկի համար այդ տեսակ խօսք մը լսեր էի։ Գաղջ արեւը արիւնս կը տաքցնէր, առջեւս աղաւնիներ իրա՛ր կը կծծէին… «Աշխա՜րհ գալ ու աշխարհին համը չառած երթա՜լ՝ ըսի. ինչո՞ւ Աստուծոյ շինած հրաշալիքին մօտենալը մեղք ըլլայ…»։ Մօտեցայ ու բերնիս համը առի…։ Երբ պանդոկ դարձիս՝ տեսայ կինս – դեռ տասնեօթը տարու – որ ժպտելով ինծի իր շրթներն երկնցուց, ինքզինքէս զզուեցայ. հասկցա՛յ որ հոգիս թունաւորուեր էր, ամիսներ վե՜րջ միայն գիտցայ որ մարմինս ալ թունաւորուեր էր…։ Ի՛նչպէս կրնայի երեւակայել թէ, կապոյտ աչերով եւ սեւ մազերով այդ փոքր աղջիկը, դժոխայի՜ն սերմնացանի մը պէս՝ մա՜հ էր ցաներ մէջս իր մերկ թեւերով…։

      Ու այդ պարկեշտ մարդը, որ ո՛չ Տոժերուն պատմութիւնը գիտէր Վենետիկէն համ առնելու համար, ո՛չ Հառաչանաց֊Կամուրջին անցեալը, ո՛չ Սուրբ Մարկոսին արժէքը, այդ խոնաւ քաղքին մէջ, միայն Վենետիկի վաճառուհին էր տեսեր…։

      – Սոդոմ֊Գոմո՜ր, Սոդոմ֊Գոմո՜ր, կը հառաչէր միայն, երկինքին կրա՛կը թող տեղայ այդ մեղքի տուներուն վրայ։

      Ուզեցի իր ցաւը մեղմել, ցոյց տալով որ քանինե՜ր կը տառապին իր ախտէն։

      – Եթէ , – ըսի , – Սողոմոն իմաստունին հետ քիչ մըն ալ Վոլթէր կարդացած ըլլայիր, աչքերդ աւելի՛ բաց պիտի ըլլային աշխարհային իրողութիւններուն վրայ։ «Երբոր , – կ՚ըսէ այդ ծերունին , – երեսուն հազարնոց բանակ մը հաւասար թիւով բանակի մը դէմ կը ճակատի, կրնանք վստահեցնել որ երկու կողմէն մերձաւորապէս քսան հազար սիֆիլիզ կայ»։

      – Ա՜խ, բժի՛շկ, այդ բառը մի՛ ըսեր, այդ բառը կը զզուեցնէ զիս…։ Վոլթէրէն հազարներո՜վ տարի առաջ Աստուածաշունչը՝ աւելի՛ պատշաճ կերպով, արգիլուած պտուղին քով օձ մը նկարեր է…։ Այդ օձը իմ բոյնս քանդեց, ո՛չ թէ միայն իմ արիւնս, այլ զաւակներուս արիւնն ալ թունաւորեց։ Այդ խեղճերը՝ դեռ հազի՜ւ քանի մը ամսու՝ կը վիժէին իրենց մօր արգանդէն, կեանքի գալարումներով, արիւնոտ, զարհուրելի…։ Յետոյ զաւակ մը եկաւ , ինն ամսու. ա՛խ, այդ զաւակը, ի՛մ զաւակս…։ Մարմինն ամբողջ փշտիկ֊փշտիկ, պալար֊պալար,