թէ աս խօսքերը ապագային վրէժխնդրութեան օրէնքը կը պարունակէին:
Եւ ահա արքունի սենեկապետ մը մօտենալով այս մեր խումբին` «Հայ Լեւոնի որդին Թորոս ո՞վ է», հարցուց: Երիտասարդը իբր քունէ արթնցած` «Ես եմ», պատասխանեց: «Եկ ուրեմն, կայսրը քեզ կուզէ», ըսաւ: Երբ գահույից սենեկին առջեւն հասան, պահապանք ըստ սովորութեան Թորոսի վրայ փնտրեցին, որ զէնք չի գտնուի. արարոզապետն իրեն իմացուց թէ ինչ էր երկրպագութեան եւ շարժման ձեւը, եւ իբրեւ թէ կասկածելով լսողին իմացականութեան վրայ կրկնեց ու ներս մտուց:
Արծաթէ պատուանդաններով ոսկեղէն գահույից վրայ նստած էր Մանուէլ Կոմնենոս կայսրը, զօր մեր պատմիչք Կիռ Մանուէլ կ'անուանեն, Կոստանդին Պերպերուժենին որդին էր, որ զլեւոն գերի տարեր էր: Յաղթանդամ եւ կորովի երիտասարդ մ՚էր, պսակն ի գլուխ, գաւազան ի ձեռին` շրջապատ եալ ինչ որ բնութիւնը եւ մարդկային արհեստներն սքանչելիք կրցեր են ստեղծել, չորս կողմը պար առեալ, մեծամեծաց եւ տիկնանց. «Վե՛ր կաց, որդիդ Լեւոնի, – ըսաւ կայսրը, – արեւ եւ ազատութիւն կը շնորհեմ քեզ, տուն եւ ռոճիկ եւ ամէն պիտոյքդ գանձեն պիտի հոգացուին. ջանայ արժանի լինիլ բարութեանցս, եւ երախտագիտութիւնն լինի քու առաքինութիւնդ»: Եւ դառնալով կղերականաց բազմաթիւ խումբին, ուր բարձրաստիճան պատրիարք, մետրապոլիտք եւ եպիսկոպոսք ծանր եւ պատկաոելի շարուած էին` «Իմ կրօնական դիտաւորութիւնքս ալ, սուրբ հարք, ետքը ձեզի կ'իմացնեմ եւ կը փափագիմ, որ այս ազնուական երիտասարդին հոգեկան դաստիարակութեանն ալ խնամք չի մոռնաք»: Խորին խոնարհութեամբ սուրբ հարք պատասխանեցին, իրենց սայրասուր աչքերը հայ երիտասարդին վրայ նետելով:
Կայսերական ընդունելութիւնը վերջացաւ, եւ Թորոս դուրս ելաւ գահույից սենեկեն եւ հազիւ թէ քանի մը քայլ հեռացաւ, փոքրահասակ մարդ մը, որ անձին մեծութիւն տալու համար` կրցածին չափ կանգուն վիզը կ'երկնցնէր, զուարթ երեսով մըիրեն մօտենալով` «Կայսրը ինձի հրամայեց ձեր անձին պիտոյքը խնամոք հոգալ, ուստի հրամայէ, որ երթանք միատեղ ձեր բնակարանը ձեզի ցոյց տալու»: Թորոս անխօս սկսաւ հետեւիլ մարդուն:
Հազիւ թէ քանի մը քայլ մնացեր էր պալատին մեծ դռան, եւ ահա պարզ հագուած մարդ մը մօտեցաւ մեր կարճահասակ կոկոզավիզ պաշտօնատարին եւ կամաց ձայնով մը սկսաւ խօսիլ, եւ քիչ մ՚առաջ անցնելով, մեր կարճուկը կանգ առաւ, եւ բարձրկեկ ձայնով բայց խոնարհաբար` «Խնդրեմ, – ըսաւ, իր բարձր վիզը վար առնելով, – խնդրեմ քիչ մը սա սենեակը մտնենք, որպէսզի իմանամ թէ ի՛նչ է ձեր յանձնարարութիւնը»: Երբ սենեակը մտան մեր չորս անձինքը, Թորոսին նստարան մը հրամցնելով, որու մօտ արձանի պէս կանդնեցաւ Բաբկէն, իրենք բաւական հեռացան, ան ատեն պաշտօնատարը ըսաւ շփոթ ձայնով մը:
– Չեմ կրնար հասկնալ թէ իմ պաշտօնս ի՞նչ պիտի լինի ան ատեն:
– Ձեր պաշտօնը պարզ ձեւ մը պիտի ունենայ եւ շատ հանգիստ. ի՛նչ ռոճիկ, ի՛նչ ծախք որ պիտի ընէք կամ պիտի համարուիք ընելու թէ տան վարձու, թէ սննդեան, թէ զգեստի, թէ ծառայի եւ վերջապէս ամէն բանի համար պարզապէս ծոցերնիդ դնելու նեղութիւնը պիտի քաշէք: Ահա այսչափ եւ աս ալ կարծեմ շատ ծանր եւ անտանելի բեռ մը չի կրնար համարուիլ ոիցէ մարդու համար:
– Իսկ իմ պաշտօնս ի՞նչ պիտի ըլլայ:
– Կ'երեւայ, որ չի կրցայ իմացնել, թէպէտ շատ որոշ զրուցել կարծեցի: Փոխանակ այս ազնուական երիտասարդին խնամոց հոգը ունենալու, ծախքերն ընելու, վերջապէս իր մատակարարը լինելու, ամենեւին բան մը պիտի չընէք, երբ կայսերական