ըրին իրենց կրօնքին վտանգեն, իրենց կանայք ալ զմեզ կ'ապահովեն իրենց արանց վտանգեն: Դու շատ լաւ ըրեր ես, այս գիշեր անկողինդ թռչուններէն փոխ առէր ես, ա՛լ ապահով կրնաս գիշերները քնանալ, վասնզի թշնամին քու կարծածիդ չափ զօրաւոր չէ. ո՜յ գիտէ թէ նիզակակից մ՚ալ չէ մեզի:
– Աստուած պահէ հոռմի մը նիզակակցութենեն, – ըսաւ ծերուկն, երեսը խաչակնքելով, – հարցո՛ւ այդ փռանկներուն թէ ի՞նչ վաստակ ըրին ատօնց օգնութենեն, հոռոմը կը խոստանար անուշ-անուշ բարեկամութիւն, պաշար, առատութիւն, միւս կողմէ ձեռքի տակէ խոտերն ու արտերը կ'այրէր, ցորենն ու գարին ջուրը կը թափէր, գեղն ու քաղաք անապատ կ'ընէր, երբ մեր Կիլիկիա հասան քու պապուդ օրը, հայրս կը պատմէր, աստուած լուսաւորէ անոնց հոգին, ձի չէր մնացեր տակերնին, ճամփան ամէնն ալ սատկած էին, մարդիկ ըսես հալումաշ եղած անօթութենէ, հիւնդութենէ, գիտես թէ բարակ ցաւի էին հանդիպէր, մենք կ'ըսէինք, որ ամէնն կը մեռնին, ան քաջ պարոններ ու փռերներն թէ որ մեր հայու հացն չուտէին` Երուսաղէմ չէին մտնէր, բայց նա, որ շատ խելօք մարդ էր, աստուծոյ սիրոյն համար ալ, իր սիրոյն համար ալ, անոնց թագաւորին գնաց, պէտքերնին լցուց. կերան, խմեցին, ութ օր չանցաւ, ամէն մէկը մեյմէկ ցուլ դարձան, ուժովացան, գնացին ամէն տեղ առին, Ս. գերեզմանն ալ ազատեցին, ի՛նչ օգուտ, սա փռանկները ուժով են, քաջ են, լաւ բազուկ ունին, բայց գլուխնին դատարկ է, խելք չունին, սա հոռոմք հակառակն են, ուժ չունին բայց շատ գիտեն, խորը կը տեսնեն, նայէ՛ ատօնց տէրտէրներու աչքին, դժոխքի ճրագ կը նմանի, գիտես թէ սատանան մէջը կը պլպլա: Ես աս գիշերվնէ ի վեր հոռոմ մարդկանցմէ աւելի կնիկներէն կը վախնամ:
– Փուճ տեղ կը յոգնիս, Բաբկէն, – ըսաւ Թորոս լուրջ կերպով, – մենք հիմա քարէ, փայտէ բարեկամ մը չունինք, պէտք է որ պատրաստուինք աս անիծեալ քաղաքեն փախչելու, ծոցերնիս ստակ մը չունինք, որ նաւու մը վարձք կարէնանք ընել, քու ըսածիդ պէս թէ որ խելօք լինինք եւ առիթ մը երբ պատահի անկից օգուտ քաղել չդիանանք, մենք ալ քու փռանկներեղ ավիզի դատարկ գլուխ կը լինինք: Դու նայէ սա քաղաքս, այս օր պտոյտ մը ըրէ. տե՛ս, նայէ՛ հայ մը կը տեսնես թերեւս, ամէն հայու ականջ մի՛ դնէր, հայերէն խօսող ուրացեալ հայ կարելի է շատ գտնես, բայց սրտով հայ շատ քիչ կայ, մանաւանդ տէրտէրներէն զգուշացիր, անոնց լաւը սուրբ է, բայց գէշը սատանայեն ալ վատ է: Երբ իմ վրայ խօսք դառնա, զրուցէ՛ թէ ապուշին մէկն է, զրուցէ թէ միտքը բռնուած տարտամ մարդ մ՚է, հօրը հիւանդութենեն վերջը փոխուեցաւ զրուցէ, ցաւի, ողբա իմ վրաս. իսկ թէ որ մարդ մը հանդիպիս, իրօք ճշմարիտ մարդ մը, քանի մը տեսութենէ վերջ ինձ իմաց տուր անունով, տեղով, անցեալով եւ յետոյ, երբ որ ուզեմ, ինձի կը բերես: Ահա քու ընելիքդ:
– Լաւ, – ըսաւ Բաբկէն, ելաւ երթալու:
Շատոնց էր` Լեւոնի մեռնելեն վերջը` այսչափ երկար խօսակցութիւն չէր ունեցեր իր երիտասարդ տիրոջ հետ, ուստի ուրախ էր սրտով, թէպէտ դէմքը ծիծաղի սովորութիւնը մոռցեր էր: Եւ երբ դուրս կ'ելնէր, ձայնեց Թորոս.
– Բաբկէն հայրիկ, փող ունի՞ս:
– Մէկ փող չի կայ, բայց աստուած ողորմած է:
– Ինչպէ՞ս:
– Երբ ոտք չունէինք աստուած ոտք տուաւ, հիմա ալ ստակ վունինք, աստուած մեծ է, կ'ուտայ, դու հոգ մ՚ընէր:
ԳԼՈՒԽ Գ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՁԵՌՔԸ
«Լաւ՛, – ըսաւ Թորոս ժպտելով, երբ Բաբկէն գնաց, – աղէկ գիտէ ծերուկն, որ ես ալ փող մը չունիմ. պատուական մարդ, աստուած իրեն յաջողութիւն տա. տեսնենք ինչպէ՜ս կը դառնա եւ երբ, վասնզի ան մարդկանց մին էր, որ պարապ դառնալ