Ծերենց

Թորոս Լեւոնի


Скачать книгу

պառկեցայ, եւ բանդագուշանքս մօրս յայտնած էին գաղտնիքս, ուստի խեղճը բժշկին խորհրդով զիս Ռուբենի հետ ամուսնացնելու ամէն ջանք ընելու խոստմունք ըրաւ, եւ հիւանդութիւնը նոյն վայրկենին բարեփոխութիւն ունեցաւ, եւ օրաւուր ես առողջութեան մէջ հաստատուեցայ, գոյներս եկան. Ռուբենի հետ մէկ քանի տեսութիւն իր կեանքի ձեւը փոխեցին, եւ Ռուբեն առանց` մեզի սպասելու առաջարկութիւն մը ըրաւ մօրս` հօրը հաւանութիւնն ընդունելու պայմանաւ: Մեր ուրախութիւնը` մանաւանդ մօրս ուրախութիւնը` անկարելի է պատմել. բայց ինչչա՜փ կարճ եղան ուրախութեան օրերը: Յանկարծ դժբախտ դիպուածին լուրը տարածուիցաւ, մայրս զիս մխիթարելու կը ջանար, երբ ինք ինձմէ աւելի հիւանդ էր, ես անկողին ինկայ, սաստիկ ջերմ մը զիս կը տանջէր. նոյն միջոցին մայրս ուրիշ սենեակ մը մեռէր էր: Պառաւ հօրաքոյր մը իմ վրաս կը հսկէր երկու տարի, եւ հօրս բարեկամ, ծեր եւ փորձ բժիշկ մը, որ հազիւ թէ ես քիչ մը շարժէլու սկսայ` զիս հիւծեալ եւ մաշեալ` Իշխանաց կղզին օդափոխութեան տանել հրամայեց, մեր բնակարան տունն ինք որոշելով. հոն հօրաքոյրս եւ ինք ինձի հետ միայն կը զբաղէին եւ կ'առնէին զիս մօտակայ վանքը կը տանէին մեծաւորին, եւ բժիշկը կը նստեցնէր զիս պատուհանի մը առջեւ, բարի եւ սրամիտ ծերուն դիտաւորութիւնը իմացայ այն օրը` երբ զքեզ հօրդ հետ տեսայ, պարտէզին մէջ կը շրջագայէիք. Ռուբեն կենդանացած կարծեցի, եւ գետին պիտի գլորէի թէ որ արթուն ծերը, որ զիս աչքեն չէր կորցնէր, զիս չբռնէր. մարելուն հետեւանք սոսկալի ջղային ցնցմունքներ եկան եւ այն օրէն կեանքը իմ երակներուս դարձաւ. զքեզ երբեմն տեսնել նոյն պատուհանեն իմ դեղս եղաւ. տեսայ դարձեալ զքեզ հօրդ դագաղին ետեւեն, երբ բանտեն գերեզմանատունը կը տանէին, երդում ըրի ան ատեն զքեզ ազատելու համար ամէն ջանք ընել. տարի մը անօգուտ աշխատեցայ իմ պատուական բժշկիս հետ, եւ երբ Մանուէլ հօրը տեղն անցաւ, ալ ապահովեցայ, իսկ քու սրտիդ համար ամենեւին երկբայութիւն չունհի. եւ այնպէս համոզուած էի թէ Ռուբենի այնչափ նման եղբայրը, որ զիս այնչափ սիրեց` անկարելի էր, որ անոր սրտին նման սիրտ չունենար, եւ թէ նորա յիշատակը մեր սրտերուն հանգոյց չլինէր:

      – Այսպիսի ազնիւ սրտի, այդ հրաշագեղ կերպարանաց, այդչափ իմ ազատութեանս համար եղած ճգանց, եղո՜ւկ, դառնացեալ սրտէ մը զատ ոչինչ չունիմ, եւ այն կրնա՞յ բաւական փոխարէն համարուիր

      – Ի՞նչ, – ըսաւ աղջիկը, եւ աչքերն այնպիսի լուսոյ նշոյլ մը փայլատակեցին այս հարցական թառին հետ, որ Թորոս զարմացաւ, – դու սի՞րտ մը միայն ունիս. չէ՛, Թորոս, դու այդ սրտիդ հաւասար ապագայ մ՚ալ ունիս, դու իշխանութեան ընդարձակ երկիր մ՚ալ ունիս եւ անոնք կը մոռնա՞ս. ես քու ձեռքիդ երբ փափագեցայ, քու իշխանութեանդ փառքին ալ մասնակցիր փափագեցայ, ահա կը տեսնես, որ ես շատ ըահասէր եմ եւ շատ փառասէր, մի՛ կարծէր զիս այն կանանցմէ, որոնց մտքին ընդարձակութիւնը իրենց սրսկապանեն անդին չի կրնար տարածուիլ, ո՛հ, չէ՛, ես քեզի ինչպէս Ռուբենին` իշխանական աթոռ մը կը փափագիմ, ես ձեր այս տոհմական կազմուածքին մէջ Պլուտարքոսի դիւցազուններ կը տեսնեմ. ներէ՛, ես դեռ մօրս ազգին դիւցազունքը չեմ ճանչեր, եւ կրնաս ապահով լինել, որ անխոնջ գործակից մը եւ ամենայն վտանգաց անվեհեր դիմագրաւ մը հիս պիտի գտնես: Դու ճանչցար հօրդ սուրը, զօր քեզի համար պարտաւորեցայ զինարանեն գողնալու հարիւրապատիկ իր գնոյն վճարելով (նիւթական գնոյն է խօսքս), եւ դու արժանի մնացիր զայն կրելու:

      Թորոս