իրաւ է որ անոնք հարցնելու ժամանակ ալ չի կար, անշուշտ ան ալ չէր գիտեր… Լաւ տղայ է Կոստանդին, քաշ է, ի՛նչ օգուտ, որ թեթեւ է. ո՛վ գիտէ Մլեհի՞ն էր յանցանքը թէ իրեն…»:
Այս մտածութիւններով սկսաւ մրափել Բաբկէն հայրիկ իր նստած տեղը, եւ իրօք ալ իրեն ան մրափը իր տղայութենեն ի վեր ամէնուն քունին տեղ կը բռնէր, եւ որ իրեն համար բաւական էր քսանչորս ժամ պատերազմելու եւ քառասունութ ժամ քալելու:
ԳԼՈՒԽ Ե ԴԻՈՆԻՍ
Այս փոքրիկ տան անմիջապէս կից տուն մը կար, որու մէկ սենեակը միայն տեսանք մենք` սենեակ կամ մատուռ աղջկան մը սիրոյն, որ գաղտնիք մ՚էր ամէնոմէ համար բացի ծեր Գիոնիսեն, որ աս որբ աղջկան ոչ միայն բժիշկ, այլեւ խնամակալ, խորհրդական, սրտակից վարժապետ եւ հայր եղած էր միանգամայն:
Դիոնիս տկար եւ նիհար մարմնոյ մէջ կորովի սիրայ ունէր եւ մեծահանճար գլուխ մը, ի բաց առեալ իր արհեստը, որ զինք ուսմանց եւ գիտութեանց տարեր էր ի տղայ տիոց, իր զանազան ճամփորդութիւնքը ի Փոքր Ասիա, յարաբիայ, հեգիպտոս եւ հասորեստան իր միտքը ընգարձակեր եւ հարստացուցեր էին, եւ դիտող ու հետաքննին բնութենեն ամէն գաղտնեաց պատճառը փնտրելով, մոռցեր եւ թերեւս արհամարհէր էր սրտի զգացմունքները: Եւ վերջապէս, երբ յոգնած եւ տկարացած երկար եւ բազմամեայ պանդխտութիւններէն Բիւզանդիոն դարձեր էր, իբրեւ թէ յանկարծ աչքերը բացուէր էին տեսնելու եւ իմանալու թէ ժամանակը անցէր էր. ուստի փիլիսոփայաբար որոշէր էր իր միայնութիւնը ուսմամբ մխիթարել, եւ իր արհեստին պատճառաւ Ալեքսիսի` Եւփիմէի հօր հետ վերաբերութիւն ունենալով քիչ-քիչ անոր բարեկամաբար եւ եղբայրաբար կապուեցաւ, անոր ընդարձակ պալատին մէջ իր սենեակները ունեցաւ, եւ առանց զգալու ան մարդը, որ կարծէր թէ ընտանեաց սէր, զաւկի սէր իր սիրտը մուտք պիտի չունենային, իր սիրտը գորովալից գտաւ անոնց ամէնուն համար, որ Ալեքսիսի էին. անոր կինը իր քոյրն էր, անոր որդիքը իր ալ հարազատ զաւկներ եզան, եւ ազատ սիրտ ունեցող կարծեցողն օր մը տեսաւ թէ իր խեղճ սիրտն ալ գերի էր տղոց ճչերուն, խնդալուն, տխրութեանց եւ ուրախութեանց, եւ ինքնաբերաբար քարոզ եւ դաստիարակ եղած էր անոնց բարոյականին, ինչպէս բժիշկ եւ խնամածու էր անոնց կենսականին: Իր աս պարտաւորութիւնննրը կրկնապատկեցան, երբ Ալեքսիս իր մահուան անկողնին մէջ ծեր բարեկամին յանձնէք իր ընտանիքը: Ալ ան օրէն վերջը Դիոնիս տան հայրը եղաւ, եւ տեսանք թէ ինչպէ՛ս ոչ միայն անոնց պիտույից այլ նաեւ անոնց ամէն քմոյշներուն կը ծառայէր, եւ Եւփիմէ իր ազնիւ բնաւորութեամբն ու կարեկից սրտովն բռնաւոր մ՚էր խեղճ ծերուն գլխուն, որ նորա կամաց հակառակիլ չէր գիտէր, եւ անձնասէր ծերութիւնը ժամանակ չէր գտնէր իր բերմանն հետեւելու: Ուստի ինչ որ Եւփիմէ կուզեր, Դիոնիս կը կատարէր. եւ որովհետեւ իր արհեստին եւ ուսմանց համար մեծ համբաւ ունէր եւ ծանր պարագաներու մէջ կը փնտրուէր թէ կայսերական եւ թէ մեծատոհմ ընտանիքներէ եւ ամէնքը զինք կը յարգէին, ուստի կրցեր էր յաջողիլ իւր ազդեցութեամբս ու խնդրանոք զմեր Թորոսն ալ բանտեն ազատել, եւ այդ տան մէջ, որ անյայտ մաս մ՚էր Եւփիմէի պալատին` տեղաւորել:
Այս ընդարձակ բնակարանին նկարագիրն ընել աւելորդ է: Ժամանակին շռայլութիւնը ինչ-որ սովորութիւն ըրած էր զարդարելու համար մեծամեծաց պալատները, ընդարձակ ոսկեձեղուն սրահներ եւ սենեակներ պատկերներով, գորգերով, բազմոցներով հոն աւելիով կը գտնուէին եւ բնական է, որ տարիներով ընդարձակ գաւառի մը կուսակալ իր կողոպուտները մայրաքաղաքին