Ծերենց

Թորոս Լեւոնի


Скачать книгу

ալ զինեալ եւ անզէն բերդին աշտարակին մէջ բանտարկել տուաւ:

      Օր մը հոն կ'եցանք, մէկ մ՚ալ յաղթութեան ձայներ լսուեցան, մեր բանտին դռները բացուեցան. իրաւ, թէպէտ ամէն աչք սգոյ արցունք կուլային, բայց դարձեալ յաղթութեան ուրախութիւնը զամենքը գինովցուցեր էր. իսկ հայրս երբ տեսանք, շփոթեցանք, չէինք գիտէր ո՞ղջ էր թէ մեռած, վիրաւոր կարծեցինք եւ իմացանք թէ յոգնած էր եւ թէ յաղթութիւնը գրեթէ նորա քաջութեան սքանչիլիքն էր: Անկողնին մէջ պառկած օրերով` բոլոր զօրագլուխները կ'ուգային զինքը փրկիչ կ'անուանէին, եւ հօրեղբայրս նախ կը վկայէր աննախանձ թէ աստուծմէ վերջը Լեւոն Կիլիկիոյ ազատարարն եւ առիւծն եղաւ: Ամէն օր կ'ուգար զինք տեսնելու: Ի՜նչ ուրախ օրեր անցան մինչեւ գերութեան օրերն, որ եկան. ոհ, մոռնամ այն օրերը եւ շյիշեմ: Ներկային վրայ` այո՛, պէտք է մտածել, բայց ներկան անծանօթ ապագայ մը ունի. տեսնենք սա կինը անշուշտ ինձի պիտի երեւայ, եւ սա քօղը պիտի վերնայ. ինչ կը նշանակէ. թէ որ յոյները զիս սպաննել ուզէին` ի՞նչ դժուարութիւն կար իրենց համար. սպասենք ուրեմն»:

      Սպասաւորը եկաւ ճաշի հրաւիրելու. իշխանը, որ երբ իջաւ, տեսաւ, որ յարգանօք կ'ողջունէր զինքը առջի օրուան մարդը, որ տուն առաջնորդէր էր եւ բնակեցուցեր, դարձեալ իմացնելով թէ պատրաստ է ամէն հրամանները կատարել. իսկ Թորոս իր անհոգ եւ միամիտ ձեւը հագնելով, պատասխանեց թէ գոհ է եւ գանգատի նիւթ ամենեւին չունի: Ուստի ճաշը կատարելեն վերջը առանց երկար խօսակցութեան մտնելու այդ մատակարարին հետ, քաշուեցաւ դարձեալ վերի սենեակը` իմացնելով թէ քուն ունի:

      Թէ որ Ալեքսանդրէ սկսեալ բոլոր երեւելի մարդիկ ծանր պարագաներու նախերգանաց մէջ կրցեր են քնանալ, պէտք չէ զարմանալ, յաջողութեան ապահովութիւնը միշտ յոգնած մտքի մը քուն կը պարգեւէ, այսպէս եղաւ նաեւ մեր Թորոսին, որ դարձեալ քունի թաղուեցաւ. բայց քուն մը, ուր իրեն կ'երեւար թէ գեղեցիկ, ոսկեթել մազերով կին մը թեթեւ քայլերով իբր ստուեր անկողնին շուրջը կը պտտի, ու քանի անգամ, որ ձեռքը իրեն կ'երկնցնէր` փախուստ կ'ուտար. աս խաղը շատ անգամ հանդիպելով վերջապէս աչքերը բացաւ եւ մարդ չի կար. աչքը խաբուսիկ դռանը դարձուց եւ տեսաւ կիսաբաց, թէպէտ կորովի, թէպէտ բնութենեն աներկիւղ, սաստիկ զարմացաւ տեսնելով, որ իր անշարժ սիրտը կը թնդար, կը բաբախէր եւ զօրութիւն մը զինք կը ձգէր, կը քաշէր դէպ այդ կիսաբաց դուռը. ուստի կանգնեցաւ գինովի մը պէս, դուռը սողաց, անհետ եղաւ իր մատանց դպելուն, եւ մտաւ նա նոր սենեակ մը, ուր լռութիւն եւ միայնութիւն կը տիրէր. քօղարկեալ վարագոյրներով պատուհաններ լոյս կը նուազեցնէին, բազմոց մը եւ խորանի պէս թան մը կար մէկ կողմը, դէպի հոն դիւեց եւ հազիւ թէ քայլ մը առաւ, մնաց… Եղբօրը` Ռուբենին, կենդանի պատկերը պատին վրայ կախուած, գոյնզգոյն, թարմ ծաղիկներով պսակուած տեսաւ. աս տեսարանը մէկեն զինք փոխեց, սրտին փոթորիկը դադրեցաւ, ալեկոծութիւնը հանդարտեցաւ, եւ յորդառատ արցունքի հեղեղ մը երեսնիվար կը վազեր, ձեռքը` ճակատն ու մթնցած աչքերը կը գոցէին, արձան մը տխրութեան հոն կեցէր էր, երբ փափուկ, պզտի ձեռք մը` անուշ ձայն մը, որ իր անունը կ'ուտար, զինքն ի խորունկ քունէ արթնցուց. եւ երբ տղու մը պէս իր ձեռքը թոյլ տուաւ այն ձեռքին եւ աչքերը դարձուց անոր, որ զինք կը կոչեր, յիրաւի սքանչելի, ազնուական եւ լուրջ կերպարանք մը տեսաւ, պարզ` զգեստներուն, պարզ` զարդարանաց եւ պարզ իր գեղեցիկ հասակին համեմատութեան մէջ: Աչքերը իրեն յառեալ` «Բաւ է այդչափը, իմ