Ծերենց

Թէոդորոս Ռշտունի


Скачать книгу

քիչ մը ջուր տուաւ խմելու, արիւնոտ բերանը լուաց. գոյն չէր մնացել սիրուն տղեկին երեսը, աչքերը մարած էին բոլորովին, գլուխը չէր կրնար բռնել. հարցուց թէ բան ուտել կուզե՞ր. երբ պատասխան չառաւ, հեծաւ ձիուն վրայ, աւաւ տղեկը թիկնապահաց մէկուն, որ բարեբախտաբար աւելի բնական գթած սիրտ ունենալով ինչչափ կարելի էր ջանաց քիչ չարչրկել, մինչեւ հասան Կարին. հոն ամիս մը հիւանդ պառկելէ վերջ, հազիւ թէ առողջացաւ, եւ գարնան արեւն իր աչաց կենդանութիւն բերաւ:

      Բայց այս միջոցիս ի՞նչ ըրաւ Զաւէն. երբ տեսաւ թէ Արփենին չի կայ. բոլոր Կ'աղզուան վեր-վար ըրաւ, ամէն ծակ, ամէն խոռոչ խոյզ եւ խնդիր եղաւ եւ երբ ամէն յոյս կտրուեցաւ` խեղճ զինուորը ձեռքը ծնօտին դրած յուսահատութեան արցունք կը թափէր, կը հարցնէր Երասխայ ալիքներուն, կը հարցնէր երկնքի թռչուններուն, ամէնքն անտարբեր` պատասխան չէին տար: Վերջապէս յուսահատ կ'երթար եկեղեցի ժամերով կ'աղօթէր եւ տխուր տուն կը դառնար: Շաբաթն անգամ մը, կը հեծնէր ձին, կ'երթար լճին քով կը նստեր` անթարթափ կը նայէր կղզին եւ կը դառնար, իսկ երբ լիճը կատարեալ սառեցաւ` իւր Տիկնոջ գերեզմանին վրայ արտասուք կը թափէր եւ կը դառնար: Օր մը, որ մեծ պահոց երկրորդ կիրակին էր, ելաւ դուրս, մտածութիւն մը զինք բոլորովին գրաւէր էր. հազիւ ճաշն ըրաւ` ձին ուզեց եւ գնաց այն ճգնաւորաց մենարանը, որոց դիմէր էր իւր վիրաւորը դարմանելու եւ մեռելները թաղելու համար: Առաւ նոցայ վանահայրը, հեծուց իւր ձիուն վրայ եւ իջեցուց լճին քով. սառած ջուրին վրայեն քայլելով բերաւ Բիւրեղի գերեզմանին վրայ, հանգստեան կարգ մը կատարել տալեն վերջ` խնդրեց, որ Աւետարանը գերեզմանին սառած հողին վրայ դնէ եւ բանայ, Վանահայրը միամտաբար բացաւ, Զաւէն մատը դրաւ` «Կարդա՛յ, Հայր Սուրբ, սա խօսքը», – զրուցեց. «Խնդրեսջիք եւ տացի ձեզ, հայցեցէք եւ գաջիք, բախեցէք եւ բացցի ձեզ. զի ամենայն որ խնդրէ` առնու եւ որ հայցէ` գտանէ եւ որ բախէ` բացցի նմա: (Ղուկաս գլ. ժայ. 9)», – կարդաց քահանան: Զաւէն ձեռքերը երկինք տարածեց` «Փա՜ռք քեզ, աւստուած իմ», – աղաղակեց: Այն րոպէին կարծես ծերը երիտասարղացաւ, իր աչաց կորովն եկաւ, եւ երբ տուն դարձաւ, ամէնքը փոփոխութիւնը տեսան եւ զարմացան. առջի մարդն էր իւր կնոջ համար, առջի հայրիկն էր իւր զաւկներուն, առջի Զաւէն եղբայրն էր իւր դրկիցներուն եւ բարեկամաց համար: Զատիկը կատարեց ուրախ, զուարթ իւր ընտանեաց եւ ազդականաց հետ, եւ չորեքշաբթի առաւօտուն հասարակ մշակի զգեստներ հագած, մախաղ մը, վերարկու մը, երկսայրի կարճ սուր մը գօտիին մէջ ծածկած, տրեխներ ոտքը եւ գաւազան ի ձեռին, ժողովեց կինը եւ զաւկները, խրատեց զամենքը, ապսպրեց մորերնուն միշտ հնազանդ լինիլ, րենց մեծ եղբայրը յարգել եւ մեծարել, զնայ էլ յորդորեց ամէնուն հետ քաղցրութեամբ եւ սիրով վարուիլ, օրհնեց զամենքը, համբուրեց մէկիկեւմէկիկ եւ ելաւ երթալ իւր կորուստը փնտրելու:

      Մենք թողունք Զաւէն Կարնոյ ճամփուն վրայ, եւ երթանք փնտրել Գրիգոր ու Սուրէն, որոց դիակունք չի գտնելով նա` յոյս ըրած էր թէ օր մը երբ իշխանիկը դառնար, Արփենին գոնէ իրեն պիտի ներկայացնէր, միայնակ եւ սիրասուն նշխար Մամիկոնեան հայրենի ճոխութեան եւ հրեշտականման մօր եւ քրոջ:

      Վիրաւորը մեզ պատմեց թէ ինչպէ՞ս Սուրէնի եւ Գրիգորի ձիաւոր խումբը Վարդանաբերդի հրդեհը տեսնելով դիմէր էին հոն նահանջի ճանապարհ միշտ իրենց յուսալով, եւ թէ ինչպէս թշնամուոյն բազմաթիւ հեծելոց խումբր վրայ հասնելով` շրջապատեալ յամենուստ սկսած էին պատերազմիդ