միայնակ նոյն ժամանակներ Համասպրուհի տիկին, մայր Վարազտիրոցի, կին Սմբատ Մարզպանին Հայոց եւ Վրկանաց, որուն քաջութեանց համբաւը հռչակեալ էր բոլոր արեւելք եւ որ այնչափ սիրելի եղած էր Պարսից թագաւորին իւր հաւատարմութեամբ եւ որուն յիշատակը կը պատուէր Թէոդորոս Ռշտունի իւր հայր եւ վարժիչ պատերազմական արհեստից անուանելով: Մանաւանդ որ սերտ բարեկամութեամբ կապուած էր Վարազտիրոց Ասպետի` նորա որդուոյն հետ, որ նոյն ժամանակները Արշիպեղագոսի մէկ կղզին աքսորեալ էր ընտանեօք Հերակլ կայսրէ:
ԳԼՈՒԽ Է
Ժամանակն արդէն ձմեռնային` ցուրտը սաստիկ էր այն տարի Հայաստանի բարձր գաւառներուն մէջ: Եւ այդ Թաւուսկերտի պալատին մէջ, ուր պառաւ Տիկին մը քաշուած կը բնակէր, որ շատ փառք, մեծութիւն, պատիւ տեսած էր իւր էրկանը կենդանութեան եւ որդուոյն առաջի տարիները, եւ որ այն օրերը կը յիշէր, երբ արքայից արքային ընծաներն ու նուիրակները իրարու կը յաջորդէին, յաղթութեանց աւետաբեր սուրհանդակները շարունակ իւր դուռը կը բախէին եւ Պարսկաստան ու Հայաստան
Բազմայաղթ անունը Բագրատունեաց իշխանին կ'ուտային. իսկ հիմա ինք Տիկինը մոռցուած, բարձիթողի եղած, այդ հայոց կանանց առաջինը երբեմն պատուոյ եւ հարստութեան մէջ, կը նստեր տխուր ձմեռուան պէս, եւ կը համրէր օրերը, որ լուր չէր առած իւր սիրական եւ անդրանիկ որդուոյն:
Թէպէտ մահ եւ աքսոր տխրութիւն բերէր էին այդ պալատը, եւ Տիկինը սգաւոր` բայց սպասաւորաց, աղախնայց եւ թիկնապահաց թիւն ու հանդերձանքը գրեթէ չէր նուազեալ: Երկրին կառավարութիւնը թէպէտ Սարգիս` բնիկ Տայեցի իշխանի մը ձեռքն էր, բայց ոչ երբեք առանց Բագրատունի Տիկնոջ խորհուրղին բան մը կը կատարուէր, վասնզի այս Սարգիս այն քաջերեն էր, որ Սմբատ Մարզպանի բախտին եւ դրօշակին հետեւելով` փառաց եւ մեծութեանց տէր եղած էին:
Երբ այսպէս Տիկինը տխուր եւ միայնակ նստած էր, իմացուցին իրեն թէ Սարգիս իշխանը կը խնդրէր զինք տեսնել, եւ թէ հետը երիտասարդ մ՚էլ կար: Եւ Սարգիս մտնելով խորին յարգանօք ողջունելեն վերջ Տիկինը` ներկայացտւց Ներսէս Սպան, որ նոր կը դառնար Յունաստանէ եւ որ նամակ ունէր Վարազտիրոց Ասպետն առ Տիկինն եւ առ Թէոդորոս Ռշտունի:
Բագրատունի Տիկինը առաւ իւր որղուոյն նամակը եւ շտապաւ կ'արդալեն վերջ երկրորդեց եւ երրորդեց իր ընթերցմունքը, վասնզի շատ համառօտ էր եւ դառնալով զօրականին`
– Կը տեսնես, որդեակ, – ըսաւ, – իմ զաւկիս նամակը շատ համառօտ է. քեզմէ պէտք է տեղեկութիւն առնեմ, ինչպէս ինք կը գրէ. ինչպէ՞ս տեսար զինք, լաւ՞ է, առո՞ղջ է, ինչպիսի՞ կղզի է այս աքսորանաց կզզին. միթէ՞ ազատելու յոյս չի կա…
– Առողջութիւնը լաւ վիճակի մէջ է, վասնզի ույդ կղզին շատ գեղեցիկ է` օդն առողջ, նարնջի եւ լիմոնի ծառերով զարդարուած, թէպէտ խիստ պահպանութեամբ կը հսկեն, որ չի փախչի. ընտանիքն էլ բոլորը լաւ են: Իսկ ազատելու յոյս չլինիլ կարելի չէ, ինչպէս յայտնի է, կայսրը իրեն խոստացել է երդմամբ ազատութիւն, բայց պալատին մէջ կան թշնամիք, որ կը ջանան յետաձգել այդ խոստմունքը, ինչպէս ես կրցայ իմանալ:
– Կրնա՞նք իմանալ ինչպիսի անձինք են, որ քեզ այդ տեղեկութիւնք տուին:
– Այո, իշխանուհի, Թէոդոս զօրավար Երիզացի, որ ձեր որդուոյն Ասպետին շատ բարեկամ կ'երէի, նա ինձ հրամայեց գաղտնի երթալ եւ տեսնել եւ լուր բերել իշխանին համար: Կայսրը առջի մարդը չէ բոլորովին փոխուած` քանի որ տարիքը