շատ անգամ հետի, դատապարտեալ եղանակաց խստութեան, անօթութեան եւ ծարաւի, ինքզինք զրկելով հացին պատառեն, ջուրին կաթիլեն, ծնողական խնամքով հազիւ կրցաւ ողջ հասցնել զգրիզօր Կ'ոգովտի գաւառներէն Դամասկոսի շրջակայքը, ուր էր Շէյխ Ալիի բնակութեան վայրը:
Հոն` այդ գերութեան շղթայներուն մէջ թողլով այս մեր երկու նախարարազունքը, դառնանք Հայաստան, որուն մասամբ ոտնակոխ եւ եղերական վիճակը յայտնի եղաւ բաւական մեր մինչեւ հիմա տուած նկարագրեն: Տեսանք թէ ինչպէս երջանիկ տուներ բարձր եւ խոնարհ, ինկան` կ'ործանեցան եւ հիմնահատակ եղան դժոխային արշաւանքի մը սաստկութեան առաջ: Տեսանք նաեւ թէ այն Յունական կայսրութիւնը, որ երկրին տէր ինքզինք կը համարէր` ինչպէս պաշտպանեց երկիրը, – տեսնենք հիմա թէ նոքա, որոնց պարտքն էր իրենց անձանց եւ ազդին վրայ հսկել, ինչպէ՛ս իրենց պարտաւորութիւնը կատարեցին:
ԳԼՈՒԽ Զ
Հայաստան բաժնուած երկու մեծ ինքնակալութեանց` Բիւզանդական կայսրութեան եւ պարսից Սասանեան պետութեան մէջ, հարկատու երկուքին, ոտնակոխ երկուքեն` աննկարագրելի ալեկոծութեան մէջ կը ծփար շարունակ: Այս երկու մեծ տէրութիւնք միեւնոյն հիւանդութեամբ վարակեալ` արտաքուստ զօրութեան փայլ մը ունէին, բայց ներքուստ երկուքն էլ հաւասար փտած եւ որդնոտած կործանման վիճակի մէջ էին:
Կոստանդնուպոլիս` ոսկեղէն գահույից վրայ նստող հռոմայեցուոց ինքնակալ կայսրը, որոմն բազկատարած պաղատանոք կը դիմէին մեր նախահարք, երբ Հազկերտ արքայից արքան քրիստոնէութիւնը բնաջինջ վերցնել կը սպառնար Հայաստանեն, այդ «Երանելին Թէոդորոս կայսրը, որ խաղաղասէր էր ի Քրիստոս» եւ անարգ հարկատու հոն Ատտիղասայ` այն Ատտիղասայ, որ Մեծին Վարդանայ բազկին զօրութեան առջեւ ընկրկէր էր ի Դարբանդ, Հազկերտի աչաց առջեւ, նոյն Ատտիղասայ, որ հռոմէական ինքնակալութիւնը կը դողացնէր արեւելք եւ արեւմուտք, եւ որ այդ Երանելի Թէոդոս չյաջողելով թունաւորել ուր գթութիւնը կը գներ եւ ամէն արժանաւոր նախատինքներ կը կլանէր: Եւ այդ կայսերութեան օրերը բարեբախտ ու երջանիկ էին արդի վիճակին հետ բաղդատելով. վասնզի հիմա երկու հարիւր տարի ժամանակ անցնելով ապականութիւնը իւր յետին աստիճանները գտեր էր. կրօնամոլութիւն եւ անբարոյականութիւն, գոռոզութիւն եւ անարգութիւն, մեղկութիւն եւ անգթութիւն, շռայլութիւն եւ ագահութիւն, յանդգնութիւն եւ վատութիւն, անխղճութիւն եւ խղճահարութիւն, միշտ մոլութիւնք, միշտ ծայրեր զարմանալի հակակշիռք կազմելով, բուն ճշմարիտ առաքինութիւն ոչ ուրեք, ոչ բանի մը մէջ կ'երեւար:
Թէոդոս Մեծեն վերջ այդ կայսերական գահույից վրայ իզուր բարձր մարդ կը փնտրէ ոք եւ դժուար թէ առանց աններելի պակասութեանց մէկը կարէնայ գտնել: Ամենեն հռչակաւորն Յուստինիանոս` օրէնսդիր, մեծագործ, յաղթող շնորհիւդ երկու քաջ զօրավարաց, ամենախոնարհ ծառայ է իւր կնոջ Թէոդորայի, որուն ամէն քմահաճույից եւ անիրաւութեանց գործիք կը դառնա ամէն րոպէ: Դիւցազնական քաջութիւնը նաեւ կերպարանափոխ եղած կը զարմացնէ զմարդ, երբ կը տեսնէ Բելիսար սարսափ թշնամեաց բանակներու, նեցուկ պետութեան յաղթութեամբ դարձած դափնիներով, իւր տան եւ կնոջ խայտառակութիւնքը պատմել խորհելու վայրկենին, կայսրուհուոյն մէկ նամակեն սոսկացեալ` իւր մեղաւոր կնոջ առջեւ տարածեալ ոտքերը կը պագնէ, մշտնջենաւոր եւ հաւատարիմ ծառայ զինք կը դաւանի. եւ «կնոջը եւ կայսեր ամենախոնարհ ծառան