Ծերենց

Թորոս Լեւոնի


Скачать книгу

իշխանիկս, – ըսաւ, – մարդիկը կ'ուգան, ինչպէ՞ս պիտի ընենք:

      – Թո՛ղ զիրենք, որ մեծ դռնեն ներս մտնեն, դու, երբ ամէնքը կը մտնեն, դուրսը կեցիր, ո՜վ որ ելնէ` մահուան հարուած մը տուր:

      – Բայց դու հոս մինակ ես, անոնք կամ տասներկու կամ տասներեք են:

      – Դու լսեցի՞ր, Բաբկէ՛ն հայրիկ, քու պաշտօնդ դռանը դուրսը` մարդ ողջ չի հանելն է:

      Այնպիսի անդիմադրելի եղանակաւ մը զրուցուեցաւ այս, որ Բաբկէն դուրս ելաւ առանց խօսելու, քթին տակեն աղօթք մը մռմռալով. անտարակոյս աղօթքը Թորոսին համար էր:

      Տան վարի պատուհանները երկթէ վանդակներ ունէին, ճրագները վերցնել տուաւ. վերի փեղկերը` ըսաւ Դիոնիսին թէ` պէտք է պաշտպանել, որպէսզի Եւփիմէ չի վախնայ: Իսկ ինք թռաւ սանդուխներէն վեր, Լեւոնի ահագին սուրը մերկ աջ ձեռքը բռնած եւ երկսայրի սուրը մէջքը, իջաւ փայլակի մը պէս. Եւփիմէի, որ անխօս կեցէր էր, գգուանօք ձեռքը պագաւ. «Սիրտդ հանգիստ բռնէ, ժամ մը չի տեւէր, ասիկայ դիպուած մ՚է, – ըսաւ, – վաղուան համար մտածենք»: Սա անխռով խօսքերը թէպէտ կ'ապահովէին քիչ մը անոր սիրտը, եւ կուզեր խօսիլ` բայց չի կրցաւ, ու նոյն միջոցին տեսաւ, որ Թորոս զինք ձգեց, դուրս ելաւ պարտէզ եւ տան դուռը վրայեն գոցեց ու պատին քով թուփերուն մէջ ծածկուեցաւ: Ինք տան շուքին մէջն էր, ո՛վ որ դռնեն մտնէր` որոշ կը տեսնէր լուսնի լուսով. եւ ահա կիսաբաց դուռը բացուեցաւ եւ մէկիկ-մէկիկ գողի պէս կը մտնէին իր սպասած մարդիկը. մտնողը մէկ մը կանգ կառնուր, չորս կողմը կը դիտէր եւ դէպի դուռը կը յառաջանար: Երբ եօթ-ութ հոգի ներս մտան եւ առջի մտնողները տան դռանը եւ թուփերուն մօտեցան` ահագին եւ սոսկալի ձայն մը որոտաց. Թորոս ինքն էր, եւ հարուած հարուածի վրայ կը յաջորդէր. արդէն երեք հոգի գետինը կը տապլտկէին եւ երկուքը փախան. հազիւ ան ատեն երեք հոգի թշնամիներէն կարողացան նորա վրայ հարձկիլ, բայց այս յարձակմունքն ալ նոյնչափ օգտակար եղաւ իրենց` որչափ առջի յանկարծակի գալն. երկու հոգի դարձեալ մահացու վիրաւոր կ'ինկնէին, եւ իր ահագին սուրը մէկդի կը թռցնէր զէնքերու բեկորները, թեւեր, մատեր, եւ վիրաւորք կամ վատք, որ դուրս կ'ելնէին, Բաբկէնը կը գտնէին, որ հարուած մը միայն տալով կը պառկեցնէր զիրենք. եւ որպէսզի արգելք չըլլան ուրիշ ելլողներոմէ` խղճմտանքաբար ոտքերնին կը քաշէր եւ պատին տակ կը դիղեր: Երբ երեք-չորս եղաւ դիակը եւ տեսաւ, որ դեռ ներսը գինուց հարուածները չեն դադրիր, «Քիչ մ՚ալ ներս մտնենք, – ըսաւ, – վասնզի երկայն եղաւ»: Ճիշտ ժամանակին մտաւ, վասնզի չորս-հինգ հոգի զթորոս շրջապատած սուրերնին ձեռուընին կանոնաւոր յարձակում կ'ընէին. ասոնց մէկուն կռնկին` Բաբկէնի սուրին հարուածը` զայն գետին գլորցուց, եւ աս անակնկալ օգնութիւնը միւս ամէնքը յուսահատեցուց. փախչելու որոշումն աւին: Թորոս սաստիկ յոգնած էր, իսկ Բաբկէն` «Ասոնք ալ թող երթան սատանային գիրկը, ո՜ւմ յոգն է, – կ'ըսէր, – բաւական է, որ սա ինկածներուն մէջ ան անպիտան մեծաբանն ալ գտնուի` որ չէր հավտար թէ առիւծու կորիւնն միշտ առիւծ է: Ապրի՜ս, իշխանիկս, տես քանի՛ մարդ դիաթաւալ կացուցէր է… ես գիտէի, որ քաջ էր, բայց ինչչափ ժամանակ է ոչ կռիւ տեսած էր, ոչ զէնք գործածած… լաւ՜ սկսանք, մեր Սեւ լեռն հասնինք, ան ատեն տասնապատիկ պիտի մեծնա…»:

      Աս միջոցին լռութիւն տիրած էր պարտէզին մէջ, գինուց շաչիւն եւ շառաչիւն ամէն բան դադրած էր, միայն քանի մը վիրաւորք եւ հոգեվարք կը տքային. ան ատեն Թորոս` «բացէ՛ք դռներն» գոչեց, եւ տան դռներն բացուեցան. ճրագներն վազցուցին, տունն ու պարտէզր լուսաւորեցան. դուրսն ու ներսր