տան առջեւ աղբիւրին քով նստան, կասկածոտ ծիծաղով մը ըսաւ.
– Հայրիկ, դու մեզի բան մ՚ունիս զրուցելիք, եւ կ'երեւայ թէ կը դանդաղիս:
– Այո՛, Եւփիմէ, լաւ գիտցիր թէ բան ունիմ ձեզի հետ խօսելիք, եւ շատ կարեւոր բան:
– Ինչո՞ւ կ'ուշացնես, կ'երեւայ թէ շատ անախորժ լուր մը պիտի ըլլայ:
– Ես, քանի օր է, Թորոսի փախստեան համար նաւ մը կը նայիմ, եւ այսօր հազիւ թէ փնտրածս գտա…
– Ինչո՞ւ այդչափ շուտով, հայրիկ, միթէ ինձի համար նաւուն մեշ տեղ չի կա՞յ:
– Մանաւանդ թէ ան կը ցավիմ, որ իմ կարծածիս չափ շուտ չի կրցայ շարժիլ. վասնզի այսօր փոքրիկ նամակ մը ինձ կ'իմացնէր թէ ձեր փախստեան տեղն իմացուէր է ձեր թշնամիներէն, ուստի արտորնօք եկայ զքեզ տանելու, Եւփիմէ: Մինչեւ որ Թորոս իր գործերը կ'արզի չդնէ, մինչեւ որ յաջողութիւնը իրեն չի ծիծաղի, դու ոչ թէ իրեն օգտակար, այլ վնասակար կրնաս լինիլ:
– Ամենեւի՛ն, – ըսաւ Եւփիմէ, որոշ եւ վճռողական ձայնով, – կը փափագէի մանաւանդ, որ դիպուածը այնպէս բերէր, որ կարէնայի զքեզ համոզել իմ ըսածիս ճշմարտութեան:
– Քեզի հետ այս նիւթիս վրայ վիճել ինձ աւելորդ է, տէր եւ դատաւոր այս խնդրոյս մէջ` ինձմէ շատ աւելի ուրիշ մը կայ, – ըսաւ ծերը Թորոսին դառնալով:
Իսկ Թորոս այն միջոցին դէպի անտառին խորը աչքերը •անկած կը դիտէր` կէս ուշադրութիւն մ՚ընելով այս խօսակցութեան, ու երբ ծերը`
– Իշխա՛ն, դու մեր խօսակցութեան կ'երեւայ թէ ուշ չես` դնէր, բայց ես շատ կարեւոր նիւթի մը վրայ կը խօսիմ:
– Այո՛, ձեզ ալ ուշ կը դնեմ, բայց ուրիշ բանի մ՚ալ ուշ կը դնեմ, – ըսաւ առանց իւր սուր աչքը խախտելու իւր նպատակեն:
Ան ատեն Դիոնիս ու Եւփիմէ նոյն կողմը դարձուցին իրենց աչքը եւ թան մը չի տեսնելով դարձան Թորոսի, որ տեսնելով ալ իրենց հարցնող նայուածքին առանց պատասխանելու, ոտք ելաւ, մէկ ձայնովի
– Բաբկէ՜ն, – կանչեց,
– Բաբկէն հոն չէ, – ըսաւ ծառայ մը:
– Ուրեմն, – զրուցեց Թորոս, – հիմա կ'ուգայ եւ մեզի որոշ լուր մը կը բերէ:
– Ի՜նչ բանի լուր, – հարցուց Եւփիմէ այլայլելով:
– Կ'երեւայ թէ, սիրելի Եւփիմէ, մեր թշնամիները, որոնց համար լուր առած ըլլալը իմացուց Դիոնիս, մեզի այցելութիւն մ՚ընել կը փափագին:
– Եւ դու հիմա որ բան մը կը դիտէիր, անո՞նք էին, տեսա՞ր…
– Հինգ-վեց հոգի եւ զէնքի փայլիւն տեսա…
– Ի՜նչ կ'ըսես, հինգ-վեց հոգի՜…
– Թէ որ այդչափ են մեր թշնամիները, – ըսաւ Թորոս ժպտելով, – Բաբկէն միայն բաւական է զանոնք ցրուելու, իսկ թէ որ անօթ կրկինն են, պէտք է որ ես ալ օգնեմ: Բայց խնդիրը հոն չէ, – աւելցուց Թորոս Դիոնիսի դառնալով, – «մեր թշնամիները» կրնա՞նք իմանալ թէ որոնք են. կայսրը եւ իր ոստիկանութիւ՞նն է, թէ մասնաւոր մարդիկ:
– Հիմա աս միջոցին քու թշնամիդ Անդրոնիկոս Կեսարն է. բայց թէ որ իր փոքրիկ խումբը վիրաւորուի եւ ցրուի` իրենց վերադարձը չգիտեմ թէ ինչչափ բազմութեամբ կրնայ լինիր
– Ուրեմն մեզի պարտք կը ձգես այնպէս շարժէլու, որ ասոնցմէ ողջ չի դառնայ:
– Ան չէ իմ միտքս, բայց ըլլալիքը յայտնի է, մէկ փախստական մը տասնապատիկ բազմութեամբ կը դառնա:
– Քու նաւդ ե՞րբ կ'ուգայ հոս` աս ծովեզրը:
– Վաղն առաւօտ կանուխ:
– Ահա, Բաբկէն, – ըսաւ Թորոս, որ ծովեզրին կողմեն կ'ուգայ,