մը հարուած, որ աջ թոքը վիրաւորած էր, եւ թէ որ թողուէր, մահաբեր կրնար լինիլ, ուստի շուտ մը ծոցեն շիշ մը հանելով թաշկինակը թրջեց եւ վէրքին բերանը խցեց, արեան դադրիլը եւ դեղին զօրութիւնը Անդրոնիկոսի հառաչանաց ձայն մը հանել տուին: Այն ատեն ծերը քիչ մը մտածելեն վերջ դէպի ծովեզրը գնաց եւ մակոյկին մէջ կեցող մարդուն ձայն արձկեց.
– Բարեկամ, – ըսաւ, – դու կը տեսնես, որ մենք քու տիրոջդ թշնամի չենք, իր վէրքը պատեցինք, եւ թէ որ կ'ուզես իր կեանքը ազատել` եկ մեզ օգնէ, որպէսզի կատարելապէս մահվնէ ազատենք զինքն:
Մարդը քիչ մը մտածելեն ետք խրեց իր մակոյկը ցամաք, ելաւ նաւեն եւ ծառային հետ շալկելով վիրաւորը շտկուեցան դէպի տուն: Եւ այսպէս Դիոնիս ապահովեցաւ թէ ալ մարդ չի կար լուր տանելու մայրաքաղաքը: Մանաւանդ որ բուն թշնամին իրեն ձեռքն էր: Միայն չէր կրնայ գուշակել թէ ի՞նչ ընդունելութիւն պիտի ընէր Թորոս իր մահացու թշնամին ափն անցնելով. եւ գոհ եղաւ` երբ լոյսը մօտեցնելով տեսաւ, որ նա անտարբեր եւ հազիւ թէ արհամարհոտ աչք մը ձգեց իր ոխերիմ թշնամուոյն վրայ, եւ Բաբկէնին մօտ կուզեր տեղաւորել, որպէսզի դիւրին լինի երկուքին ալ միասին խնամք տանիլ: Բայց ծեր բժիշկը, որ Թորոսի մեծահոգիութիւնը կը տեսնէր, նոյնը չէր հաւատար ոչ Անդրոնիկոսի եւ ոչ Բաբկէնի համար, ուստի զատ սենեակներ երկուքն ալ զետեղել կը մտածէր: Եւ ահա Եւփիմէ երեւցաւ սենեկին դուռը Բաբկէնի ձեռքեն բռնած, որուն անխռով կ'առաջնորդէր դէպի սենեակը, իմացնելով Դիոնիսի թէ ինք իւր հիւանդը նայելու մտադիր էր, իսկ թշնամուոյն խնամքը ուրիշներուն կը վերաբերէր:
Դիոնիս` մակոյկին պահապանը եւ ծառայ մը Անդրոնիկոսի քով ձգելեն վերջ, երկու մնացած ծառայից հետ մօտակայ ամայի եւ անջրդի հեղեղատի մը մէջ նետել տուաւ դիակները ու երբ ամէն թան կարգի դրաւ, դարձաւ տուն իր վիրաւորները տեսնելու: Անդրոնիկոս կը զառանցէր, ուստի պէտք եղած դարմանները ինչ որ կարելի էր այնպիսի տեղ ապսպրելեն վերջ, Եւփիմէի սենեակը դռան առջեւ եկաւ եւ տեսաւ Բաբկէն, որ անկողնին մէջ նստած կը պատմէր Թորոսին:
– … Ինձի ըսիր թէ դռնեն ողջ մարդ պիտի չելնէ, ես տեսայ փախչողները, ըսածդ մոռցայ. հօրեղբայրդ ըսած էր մեզ. «Տղա՛ք, փախչողին մի դպէք, թողէք երթան», միտքս հոն գնաց, երբ ուշադրեցի, վազեցի ետեւնուն, մէկը դռնեն տասը քայլ անդին գետին փռեցի, միւսը մեծ էր, ուժով կը թուեր. ծովուն մօտ հասայ, դարձաւ, ի՜նչ տեսնեմ, մեր մարդն էր: «Աղուէ՛ս, կա՛ց, – ըսի, – առիւծին ձագը տեսա՞ր», հազիւ թէ սուրը կուրծքին դրի, գլխուս սուրի լաւ հարուած մը իջուց, ինք ալ գլորեցաւ: Աչքերս մթնցան, աղբիւրին վազեցի, լուացի արիւնը, տեսայ որ չի կտրիր. վերարկուս վիրքին վրայ բռնեցի գոցեցի. հոս եկայ. գլուխս պտոյտ կ'ուգար: Տիկինին ձայնը լսեցի, որ «Բաբկէն հայրիկ» կը կանչեր, եւ ալ ինչ եղայ, չիմացա…
– Լաւ, – ըսաւ Դիոնիս, – ես ալ քեզի արգիլած եմ, որ չխօսիս, հանդարտ պէտք է նստիս: Բաբկէն լռեց եւ Եւփիմէ ամէնը ճամփեց ու իր վրան առաւ գնա խնամել. դուրս ելան եւ հոն Թորոս ու Դիոնիս սկսան խորհուրդ ընել երկրորդ օրուան ճամփորդութեան վրայ` եթէ նաւը գա, եւ որոշեցին, որ Թորոս երթա, իսկ Բաբկէն առողջանայ լեն վերջ Դիոնիսի եւ Եւփիմէի հետ գա:
Ուստի աս որոշմունքն ընելէ վերջ արդէն կէս-գիշերն անցած էր, Թորոս ընկողմանեցաւ բազմոցի մը վրայ, իսկ ծերը երբեմն իր `հիւանդներում այցելութիւն կ'ընէր, երբեմն կը մրափէր, մինչեւ արշալոյսը երեւցաւ: Բաբկէն քանի-քան ի անգամ նոյն գիշերն աղաչեց Եւփիմէի, որ զինքը